2015-01-14 14:14:01

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիրը Իտալիոյ հրաժարեալ նախագահ` Ճորճօ Նաբոլիթանոյին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 14 յունուարին, Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ տիար Ճորճօ Նափոլիթանոյի ներկայացուցած հրաժարականին ի լուր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռագիր յղեց նախագահին որուն մէջ յայտնեց իր նեցուկն ու գնահատանքը ի Իտալիոյ ժողովուրդին ի սպաս ընծայած ծառայութեան։
՝՝Ձեր տածած լուսաւոր եւ խոհեմ աշխատանքները նպաստեցին երկրի ժողովուրդին մէջ աջակցութեան իտէալին, յատկապէս իտալիոյ եւ Եւրոպային ապրած դժուար պահերուն, գրեց Ֆրանչիսկոս պապը հեռագիրին մէջ որուն աւարտին, նախագահին ու անոր կողակիցին վրայ հայցեց Աստուածային խնամակալութիւն, անոնց ապահովելով իրեն աղօթքները։







All the contents on this site are copyrighted ©.